2014-09-13 09:17:49

''Արեւելքի առակ ` Քրիստոնէութիւնը նոր հազարամեայի մարտահրաւէրին դիմաց'' Հռոմի մէջ ցուցահանդէս։


Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը եւ ՍանթԷճիտիոյ հասարակութիւնը Հռոմի ''Վիթթորիանօ'' համալիրին ներքոյ, 19 սեպտեմբերէն -1 հոկտեմբեր, կազմակերպած են Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան մասին պատկերա-ցուցահանդէս, որուն խորագիրն է` ''Արեւելքի առակ ` Քրիստոնէութիւնը նոր հազարամեայի մարտահրաւէրին դիմաց''։
Ցուցահանդէսը որ կը վայելէ Վատիկանի Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդին հովանաւորութիւնը, անցեալ 24էն -30 օգոստոս ցուցադրուեցաւ նաեւ Ռիմինիի ''ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւն'' 2014-ի, 35րդ հաւաքին, հուսկ Հռոմէն պիտի անցնի Պրիւքսել, Ժընեւ եւ ապա Նիւ Եորք։
Ցուցահանդէսին նպատակն է` ներկայացնել արեւելքի քրիստոնէութեան իրավիճակը, անդրադարձ կատարելով այնտեղ ապրող հասարակութիւններու ապագային ու անոնց` 21 դարու արեւելեան ընկերութեան մէջ ունեցած դերին մասին ։ Ցուցահանդէսի նպատակն է նաեւ` միջոց հանդիսանալ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու միջին արեւելքի քրիստոնէութեան ճարտարարուեստական եւ գեղարուեստական հարուստ ժառանգութեան կորուստի սպառնալիքին։
Եգիպտոս, Սուրիա, Կիպրոս, Լիբանան, Իրան, Իրաք, Թուրքիա, Իսրայէլ եւ Պաղեստին ապրող քրիստոնեայ հասարակութիւնները, քրիստոնէութեան առաջին քարոզիչներու անմիջական ժառանգորդներն են։ 12 միլիոն քրիստոնեաներ կ՛ապրին այդ վայրերու մէջ, թիւ մը որ հետզհետէ կը նուազի պատերազմներու եւ հալածանքներու հետեւանքով որոնք կը վտանգեն քրիստոնէութեան գոյատեւումը այդ շրջանին մէջ, ու անորոշ կը դարձնեն քրիստոնեայ հաւատացեալներու ճակատագիրը։ 1915-ի հայոց աղէտալի ցեղասպանութիւնը հանդիսացաւ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացումի երաշխիքը։ Աղէտ մը որուն հանդէպ Թուրքիան մինչեւ օրս ունի ժխտողական կեցուածք։ Պատերազմներն ու բախումները, եւ որոշ երկիրներու մէջ տիրոջ քաղաքա-տնտեսական անկայունութիւնը քրիստոնեաները կը մղեն գաղթականութեան որ կը յառաջացնէ լայնածաւալ սփիւռք մը։
''Արեւելքի առակ ` Քրիստոնէութիւնը նոր հազարամեայի մարտահրաւէրին դիմաց'' ցուցահանդէսի ընդմէջէն կը ներկայացուի քրիստոնեայ հասարակութիւններու առօրեայի ճակատագրական հանգրուանները, որոնք դրոշմեցին ու կը շարունակեն յատկանշել այդ համայնքներու կեանքի ընթացքը։
Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ հանրութեան երկուշաբթիէն – հինգշաբթի 9,30-18,30 մինչ ուրբաթ շաբաթ եւ կիրակի 9,30-19,30։








All the contents on this site are copyrighted ©.